2012-02-04 13:30:30

Հնդկաստանի Եպիսկոպոսներու Հաւաքը Պանկալորին Մէջ` Բանավէճ Երկրի Կրօնական Ազատութեան Մասին։


Հնդկաստանի եպիսկոպոսները ներկայիս Պանկալորին մէջ իրենց խորհրդաժողովը կը կատարեն, ունենալով որպէս նիւթ. երկրի կրօնական ազատութեան օրէնքը, արգիլուած դարձերու հրացը եւ քրիստոնեաներու դէմ կիրարկուած խտրականութիւնը։
Ժողովականները, իրենց միջամտութիւններու ընթացքին, պաշտպանեցին Հնդկաստանի քաղաքացիներու ազատօրէն կրօնքը ընտրելու եւ ապրելու իրաւունքը ։ Վերջերս Հնդկաստանի կարք մը նահանգներ շարք մը օրէնքներ բանաձեւած են կրօնափոխութեան դէմ։ Այդ օրէնքներու հիման վրայ շատ մը քարոզիչներ ատեան կանչուեցան կրօնական դարձեր կատարելու ամբաստնութեամբ։ Ինդու ծայռյեղ խումբեր, այս օրէնքները շահագործելով, ուժգնութիւն բանեցուցած են եկեղեցւոյ պատասխանատուներուն ու քրիստոնեաներուն։ Յայտնենք որ այդ նահանգներու համար ինդու կրօնը ընդունիլը յանցանք մը չի նկատուիր եւ երկրի իրարայաջորդ կառավարութիւնները, քաղաքական ինչ հոսանքի որ պատկանին, միշտ օգնութիւններ տրամադրած են ինդու կազմակերպութիւններուն սողն օգնութիւնները մերժելով ոչ ինդու հաստատութիւններուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.